2014-08-28 08:46:28

Աղքատ մը աղքատներու միջեւ` Հայր Հելտէր Քամարայի մահուան 15-րդ տարելիցը.


27 Օգոստոս, 15 տարի առաջ հոգին կ`աւանդէր Հայր Հելտէր Քամարայ, Լատինամերիկայի ամենասիրուած եպիսկոպոսը, որուն հովուական կեանքը եղաւ համակ սէր ու նուիրում հանդէպ աղքատին։ Լաւագոյնս ոգեկոչելու դիմագիծը այս մեծ եկեղեցականին ''Յիսուսեաններու Ժողովուրդներ'' վերտարութեամբ պարբերաթերթը յօդուած մը հրապարակած է նմանցնելով Քամարայի անձը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Պրազիլի մէջ տակաւին ողջ է անոր յիշատակը։ Ան որպէս առաջնորդը Ռէյսիֆէ թեմին բոլոր իր հովուական գործունէութիւնը կեդրոնացուց աղքատներու պաշտպանութեան եւ օգնութեան, սուր պայքար մղելով ընկերային անարդարութեան դէմ։ Ան աղքատի կեանք մը ապրեցաւ։ Ապրեցաւ փոքրիկ ու համեստ սենեակի մը մէջ եւ այդ պատճառաւ հաւատացեալները մեծապէս կը գնահատէին անոր գործունէութիւնը ու եկեղեցի կը վազէին լսելու անոր խօսքը։ Անոր հակառակորդները զինք կ`ամբաստանէին որպէս համայնավար, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նման կը պատասխանէր` աղքատը համայնավար դրօշ մը չէ, այլ` դրօշը Աւետարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.